2010-12-28 12:50:01

Սրբազան Քահանայապետը Ծննդեան ճաշը բաժնեց 300 ինչազուրկերու հետ` եղբայրօգնութիւնը այն ոյժն է որ աշխարհը կը բարեփոխէ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ծննդեան յաջորդ օրը ուզեց ճաշը բաժանել շուրջ 300 ինչազուրկերու հետ, որոնք բացառաբար Վատիկան ճաշի հրաուիրուած էին, մասնակցութեամբ Կալկաթայի Մայր Թերեզա միաբանութեան կրօնաւորուհիներուն հետ, երանուհի մայր Թերեզային ծննդեան 100ամեակին առթիւ։
Կէսօրուայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ նախասրահին մէջ ընդուեց իր հիւրերը։ Իր սեղանին շուրջ կային 15 օտարներ` Հայիթիէն անկար մը, Հնդկաստանէն յղի տիկին մը, Եւթոպիաէն մահմետական մը, Ոսկրէ Ափունքէն , կապոյէն եւ նոյնիսկ չինացի մը։
Ճաշին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ գովքը հիւսեց Կալկաթայի մայր Թերեզային, համեստ ու եղաբայրասէր նուիրեալ հոգի մը, որուն այս տարի կը ոգեկոչուի անոր ծննդեան 100ամեակը։ Սրբազան հայրը ըսաւ եղբայրսիրութիւնը այն զօրեղ ոյժն է որ աշխարհը կը բարեփոխէ։ Կալկաթայի մայր Թերեզային միաբանութեան քոյրերու եղբայրօգնութեան վկայութիւնը ցոյց կու տայ թէ ուր կը գտնուի ճշմարիտ ուրախութիւնը` բաժանումի մէջ, նուիրումի մէջ ու Աստուծոյ անվաճառ սիրոյ մէջ, որ հակապատկերն է մարդկային եսասիրութեան։ Յայտնենք թէ եղբայրօգնութեան առաքեալները Հռոմի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն հիւրընկալութեան տասնեակ կառոյցներու մէջ օգնութեան հասնելով անկար եւ վատառողջ` իրենց բախտին ձգուած ծերերուն, մտային անկարներուն, աղջիկ մայրերու ու անոնց փոքրերուն, գինեմոլներու կամ սիտայի հիւանդներուն։ Այդ կառոյցներէն մէկը Վատիկանի հողին վրայ կը գտնուի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով։
Այս եկրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը իր ճաշը կը բաժանէ ինչազուրկերու հետ։ 2009ին ճաշը բաժանեց 150 ինչազուրկերու հետ Հռոմի Սան Էճիտիօ եղբայրութեան մօտ։ Նախապէս բազմաթիւ այցելութիւններ կատարած էր աղքատախնամ կեդրոններուն։ 5 յունուարին, յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ճեմելլի բազմախնամ հիւանդանոց պիտի այցելէ հանդիպում ունենալու հիւանդ փոքրերու հետ եւ որուն աւարտին անոնց նուէրներ պիտի բաշխէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.